Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ մէջ վաճառքի հանուած է սեբաստացի հայ վարպետներու ձեռագործ գորգ մը, որ ունի առնուազն 160 տարուան պատմութիւն:

Անշարժ գոյքի վաճառքով զբաղող թրքական ամենախոշոր կայքին մէջ գորգին «տէրը» հազուագիւտ գորգին համար կը պահանջէ մօտ 1000 ԱՄՆ տոլար: Գորգի գովազդին մէջ ան զայն անուանած է «թագաւորական»:

Բուրդէ աշխատցուած եւ տորոն ներկաբոյսի արմատէն պատրաստուած ներկով ներկուած հազուագիւտ գորգին վրայ առկայ են հայկական նախշազարդեր եւ խաչաձեւ նշաններ:

Յայտնի է, որ Սեբաստիոյ մէջ (այժմեան Թուրքիոյ Սվազի նահանգ – Tert.am) պատրաստուած ու երկար ճանապարհ անցած գորգը այժմ կը գտնուի Սթամպուլ, «տէր» զայն աւելի առաջ գնած է հին իրերու խանութէ մը` Արեւմտեան Հայաստանի տարածքէն: