Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մահապատիժի հետ կապուած յայտարարութիւններով կը փորձէ Թուրքիան հեռացնել Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն (ՄԻԵԴ), յայտարարած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, ըստ «Արցախփրէս»ի:

Թրքական «T24.com» կայքին փոխանցումով՝ Կարօ Փայլան ըսած է, որ Էրտողան ու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի բաւական մեծ թիւով յանցանքներ գործած են: «Վերջին երկու տարուան եւ յատկապէս յեղաշրջման փորձէն ետք, շատ մարդիկ Թուրքիոյ մէջ տուժեցին: Միայն ՄԻԵԴի կողմէ այդ հայցերուն գծով տրուած որոշումներուն իբրեւ հետեւանք, պետութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ միլիառաւոր տոլարներու փոխհատուցումներ վճարելու: Այդ բոլորին առաջքը առնելու համար, Էրտողան մահապատիժը վերահաստատելու պահանջը օրակարգի վրայ կը պահէ, այդպիսով՝ Թուրքիան հեռացնելու համար ՄԻԵԴէն ու Եւրոպայի խորհուրդէն», ըսած է Փայլան, շեշտելով, որ ժամանակ մը դէպի ժողովրդավարութիւն շարժած Թուրքիան, այժմ արդէն դուրս եկած է այդ հունէն: