Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Փետրուար 27-ին Սումգայիթի ջարդերու 29-րդ տարելիցն է։

Փետրուար 26-ին` դէպքերէն մէկ օր առաջ, Միխայիլ Գորբաչովը հայ՝ մտաւորականներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ «մտավախութիւն» յայտնած է Պաքուի մէջ ապրող աւելի քան 200.000 հայերու անվտանգութեան ապահովման շուրջ` անիկա ուղղակիօրէն կապելով ԼՂԻՄ-ը Հայաստանի ԽՍՀ-ին վերամիաւորուելու արցախահայութեան պահանջին հետ:

Artsakhpress.am կը յիշեցնէ, թէ Սումգայիթի մէջ կրքերը բորբոքելու համար օգտագործուած են ստայօդ լուրեր. իբր Հայաստանի մէջ զանգուածաբար կը սպաննեն ատրպէյճանցիները, կը թալանեն անոնց ունեցուածքը եւ այլն: Մասնաւորապէս սադրիչ ազդեցութիւն ունեցած է ԽՍՀՄ գլխաւոր դատախազ Գադուսեւի հեռուստատեսային ելոյթին ժամանակ հրապարակուած Ասկերանի դէպքերուն ընթացքին երկու ատրպէյճանցիի սպանութեան մասին տեղեկութիւնը:

Փետրուար 27-ին Պաքուէն ընդամէնը 25 քմ հեռաւորութեամբ գտնուող քաղաքին մէջ իրադրութիւնը դուրս եկաւ վերահսկողութենէն: Քանի մը հազար ատրպէյճանցի ազգայնականներ սկսան աւերել քաղաքի հայ բնակչութեան տուները, սպաննել տնեցիները:

Փետրուար 29-ին Սումգայիթ մտաւ խորհրդային բանակը, սակայն արդէն ուշ էր:

 Այդ ջարդերը առաջին ցեղական բռնութիւններ էին ԽՍՀՄ նոր պատմութեան մէջ եւ մեծ դեր ունեցան ինչպէս անոր ամբողջական փլուզման, այնպէս ալ ղարաբաղեան պատերազմի բռնկման գործին մէջ:

1988-1990 ատրպէյճանական իշխանութիւններուն իրականացուցած հայերու զանգուածային ջարդերուն հետեւանքով՝ վտարանդի դարձաւ Ատրպէյճանի ողջ հայկական համայնքը` առնուազն կէս միլիոն մարդ: Կոտորածները ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ պատասխանը Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան խաղաղ ցոյցերուն, որոնցմով կը պահանջուէր իրականացնել ինքնորոշման սահմանադրական իրաւունքը:

Մինչ օրս Սումգայիթի ջարդերու զոհերուն թիւը յստակացած չէ. ԽՍՀՄ պաշտօնական տուեալներով` սպաննուածներուն թիւը կը հասնի քանի մը տասնեակի, իսկ ոչ պաշտօնականով` հազարէն աւելի:

Փետրուար 27-29-ին պետական ամենաբարձր մակարդակով Սումգայիթի մէջ կազմակերպուած եւ իրականացուած ջարդերը մինչ այսօր չեն ստացած համարժէք քաղաքական եւ իրաւաբանական գնահատական:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երբեք չեն դատապարտած Սումգայիթի ջարդերը կամ ափսոսանք յայտնած ցեղական զտումներու համար: Հակառակը` Ատրպէյճանը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ զոհ` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի գոյամարտը ներկայացնելով իբրեւ «յարձակում», կոպտօրէն աղաւաղելով փաստերը, իսկ հայերու հանդէպ ցեղասպանութիւն իրականացուցած ոճրագործները մինչ օրս կը մնան անպատիժ: