Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հռչակած Հայ Մամուլի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայ Մամուլի նուիրուած համահայկական համաժողով, 2-4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

Համաժողովը պիտի ունենայ համահայկական բնոյթ, եւ հետեւաբար համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ գործող  մամուլի գլխաւոր խմբագիրներ եւ մամուլի գործիչներ։

Համաժողովը պիտի քննարկէ հայկական լրատուադաշտին այսօրուան մարտահրաւէրները, համագործակցութեան ուղիները, արդիական մեթոտները, տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, ապատեղակատուութեան յարուցած դժուարութիւնները, ընկերային հարցերու ունեցած դերը՝ լրատուական աշխարհին վրայ, հայ տպագիր մամուլին այսօրուան տագնապները, հայապահպանման առաքելութեան վերաիմաստաւորումը եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպաստող գործնական աշխատանքները։

Մամուլի այն գործիչները, որոնք կ՛ուզեն ներկայ ըլլալ համաժողովին, պէտք է իրենց դիմումը ուղարկեն Կաթողիկոսարան, մինչեւ 15 Ապրիլ, հետեւեալ հասցէին՝ Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։։ Անհրաժեշտութեան պարագային կրնան կապ հաստատել Տիար Խաչիկ Տէտէեանին հետ (հեռաձայն՝ +961 4 410001)։ Մասնակցութեան հաստատման պարագային, Կաթողիկոսարանը կը ստանձնէ մասնակիցներուն օդակայանէն դիմաւորումը, ժողովավայր փոխադրութիւնն ու կեցութիւնը (4, 5, 6 Յուլիս 2019)։ Ճանապարհածախսը կը հոգան մասնակիցները։

Համաժողովի օրակարգի եւ այլ մանրամասնութիւններուն մասին յաջորդաբար տեղեակ պիտի պահենք մասնակիցները։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Տեղեկատուական Բաժանմունք