Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Այսօր՝ Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Նոր Տարուան առիթով բարեմաղթութիւններու փոխանակումէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած կարգ մը այժմէական հարցերու։