Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահին՝ Հասան Ռուհանիին ուղղած իր նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Իրանի հայ համայնքին, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Գերմանշահ նահանգին մէջ պատահած երկրաշարժին առիթով։

Իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց նախագահին, որ կը բաժնէր իր եւ Իրանի ժողովուրդին ու յատկապէս երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն խոր ցաւը՝ մաղթելով խաղաղ ու ապահով կեանք շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն։