Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ ամիսը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակելու մասին խորհուրդի որոշումին կողքին, Երեքշաբթի, Ապրիլ 18ին կայացած նիստին ընթացքին որոշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակել՝ «սգալու, յիշելու եւ միաժամանակ ողջունելու հայ ժողովուրդին դիմադրականութիւնը»։

Պարկըր եւ վերահսկիչներու խորհուրդը նաեւ կարգ մը հայ քաղաքացիներ մեծարեցին Ապրիլ ամսուան ընթացքին, լուսարձակի տակ առնելով շրջանի հայութեան շինիչ ներդրումները: