Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրի ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ իր հերթական զեկոյցին նախնական տարբերակը: 14 Նոյեմբերին, Սթրազպուրկի մէջ ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ, Փիրի կոչ ըրաւ պաշտօնապէս առկախելու ԵՄ-Թուրքիա բանակցութիւնները, որովհետեւ Թուրքիա չի համապատասխաներ «Քոփենհակընեան չափանիշներուն»:

Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ զեկոյցը կ՛անդրադառնայ 2016ի յեղաշրջման փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ ծայր առած զանգուածային ձերբակալութիւններուն, կալանաւորումներուն, աշխատանքէ հեռացումներու դէպքերուն, մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն: Անոր մէջ Կոչ կ՛ըլլայ՝ հրատապ միջոցներու ձեռնարկելու՝ քրտական հարցը խաղաղ քաղաքական գործընթացներու ճանապարհով լուծելու նպատակով: Փիրի կը դատապարտէ նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու կալանաւորման դէպքերը՝ կոչ ընելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին՝ կարելի եղածին չափ արագ որոշում տալու քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) նախկին համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշի գործով:

Նոյն ժամանակ, ԵՄ զեկուցողը յայտնեց, թէ յամոզուած է, որ Թուրքիոյ հետ բոլոր կամուրջները պէտք չէ այրել: Նաեւ կ՛նդգծուի, թէ Թուրքիոյ դերը փախստականներու հիմնահարցի յաղթահարման գծով եւ կոչ կ՛ըլլայ ԵՄ երկիրներուն՝ այս հարցով նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու Թուրքիոյ:

Զեկոյցին նախագիծը նախ պէտք է հաստատուի Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, որմէ ետք՝ Յունուարին կամ Փետրուարին, վերջնական քուէարկութեան պիտի դրուի ԵԽի մէջ: Զեկոյցին՝ Թուրքիա-ԵՄ բանակցութիւններու առկախման կոչը ներառող հատուածի փոփոխութիւն չ՛ակնկալուիր:

Նշենք, որ Թուրքիա–ԵՄ բանակցութիւններու դադրեցման համար յանձնաժողովը պէտք է հանդէս գայ համապատասխան առաջարկով, եւ ԵՄ անդամ երկիրներու առաջնորդները հաստատեն զայն:

Աւելցնենք, որ անցեալ տարի, Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը ընդունելու ընթացքին Եւրոպական խորհրդարանը զգուշացուցած էր, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ վերջին սահմանադրական փոփոխութիւնները իրաւական ուժի մէջ մտնեն ԵԽն պիտի պահանջէ պաշտօնապէս դադրեցնել ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւնները: Պատճառը այն է, որ ըստ Վենետիկի յանձնաժողովի զեկոյցին՝ Թուրքիոյ մէջ ներկայ կառավարման համակարգը համատեղելի չէ ուժերու տարանջատման սկզբունքին հետ, առ այդ, անիկա կը հակասէ «Քոփենհակընեան չափանիշներուն»: