Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիայում քրդամէտ Ժողովուրդների դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր ԿԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր աշխատակազմի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհուրդի անդամ նշանակած է Հայկական հարցով զբաղող թուրք պատմաբան փրոֆ. Սէյիթ Սերթչելիքը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անա Հապեր» լրատու գործակալութիւնը:

Սերթչելիք հայերէն սորված առաջին թուրք պատմաբանը կը նկատուի, բացի հայերէնէն` ան կը տիրապետէ 9 այլ օտար լեզուի, գիտական գործունէութեամբ զբաղած է Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի գրականագիտութեան կաճառին մէջ, ուսումնասիրութիւններ կատարած է Մոսկուայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պատմական արխիւներուն մէջ:
Սերթչելիքի գրիչին կը պատկանին «Հայկական հարցը ըստ ռուսական եւ հայկական աղբիւրներու, յառաջացման ընթացքը 1678-1914 թուականներուն» եւ «Հայկական հարցը ըստ ռուսական եւ հայկական աղբիւրներու, 1915-1923 գաղութատիրական պատերազմը» գիտական գիրքերը, որոնք հիմնականին մէջ կը ներկայացնեն թրքական պաշտօնական թեզերը: