Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնխումբը նամակներ յղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբերու ատենապետներուն եւ բարձրաստիճան դեմոկրատ անդամներուն՝ անյապաղ հետաքննութիւն պահանջելով անոնցմէ անցեալ շաբթուան ընթացքին Պաքուի մէջ տեսնուած ամերիկեան ուղղաթիռներուն գծով։

22 Յունիս թուակիր նամակներուն մէջ կը շեշտուի, թէ ամերիկեան օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն շարք մը որոշումներուն հիման վրայ, արգիլուած են ամերիկեան զէնքերու եւ ռազմական արտադրութեանց ուղղակի կամ անուղղակի վաճառքը՝ Ատրպէյճանին, տեղի ունեցածը ամերիկեան օրէնքներու յստակ խախտում մը նկատելով։

«Նման զէնքեր պետք է հեռու պահուին Ալիեւի հակահայ վարչակարգէն», նամակին մէջ գրած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնխումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Անցեալ շաբաթ, «Ռազմինֆօ»ն, իր տեղեկութիւնները ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատուական գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութենէն քաղելով՝ հաղորդած էր, որ Ատրպէյճան ձեռք բերած է ամերիկեան արտադրութեամբ «Պել 412» ուղղաթիռներ, որոնք 26 Յունիսին պիտի մասնակցին Պաքուի մէջ կայանալիք զօրահանդէսին: Տեղեկութիւնը հաստատուած էր նաեւ բաց համացանցային աղբիւրներէ, ուր այդ ուղղաթիռները նկատուած են Պաքուի մէջ, զօրահանդէսի փորձերուն համար թռիչքներ կատարելու ընթացքին:

«Պել 412»ը բազմանպատակային ուղղաթիռ է, որ կ՛օգտագործուի թէ՛ քաղաքացիական եւ թէ ռազմական նպատակներով։ Յայտնի չէ, թէ Ատրպէյճան ուրկէ ձեռք բերած է այդ ուղղաթիռները:

Նշենք, որ Հայ Դատի նամակներէն օրինակներ յղուած են նաեւ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն։