Աղբիւր՝ www.asbarez.com

«Մեդիա Կեդրոն»ին մէջ, Ուրբաթ, 22 Յունիսին իր տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանութեան փոփոխութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ բնակութիւն հաստատած հայեր սկսած են մտածելու տուն վերադառնալու մասին:

Սինանեան վերադառնալու փափաք ունեցողները բաժնեց երկու խումբի՝ մարդիկ, որոնք հոգեբանօրէն շատ կապուած մնացած են հայրենիքին, բայց զանազան պատճառներով գաղթած են  Ամերիկա, եւ մարդիկ, որոնք անապահով են, օրինակ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ ապրող հայերը, ուր կեանքը շատ սուղցած է:

«Ամերիկայի հայերն ամէն օր հետեւում են նորութիւններին, հասկանալու համար, թէ ինչ է կատարւում հայրենիքում, ինչպէս նաեւ ակնկալելով նոր բացայայտումներ», ըսաւ Սինանեան:

Ըստ անոր՝ կան մարդիկ, որոնք արդէն վերադարձած են հայրենիք եւ որոշած են հաստատուիլ այստեղ:

«Բիզնես միջավայրը եւս հետաքրքրուած է Հայաստանում ներդրումներ կատարելու պահանջարկով», ըսաւ Սինանեան: