Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ փոխանախագահ Կարօ Փայլան պատասխանած է իր նկատմամբ տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով (Թուրք ազգին վիրաւորել) քրէական գործ յարուցելու մասին յայտարարութեան:

Ըստ Պոլսոյ «Ակoս» թերթին՝  Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարած է, թէ միշտ ալ իր ընտանիքին եւ ազգին վերապրած ողբերգութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն անուանած է:

«Որպէս Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Թուրքիոյ խորհրդարանէն ալ պահանջած եմ իրերը իրենց անուններով կոչել: Ինչպէս ամէն տեղ, այնպէս ալ իմ դէմ յարուցուած քրէական գործի մէջ նշուած հարցազրոյցին մէջ ըսած եմ ցեղասպանութիւն բառը, սակայն ես ոչ թէ այսօրուան թուրք ժողովուրդը մեղադրած են, այլ այն ժամանակուան ցեղասպան մտածելակերպով ռազմական խորհուրդը:

Ցաւօք, այժմն Թուրքիան կրկին կը գլորուի ետ եւ անցեալի հետ առերեսման պահանջները կը փորձեն ճնշումներով կանխել:  Դատախազներն ու անոնց քրէական գործին կանաչ լոյս վառած արդարադատութեան նախարութիւնը թող իմանան, որ իմ դէմ քրէական գործ յարուցելով` չեն ստիպեր հրաժարիլ ներկայիս եւ անցեալին կատարուածի համար արդարութեան համար պայքարէն»,-ըսած է Կարօ Փայլան:

Նշենք, որ նախորդ տարի Թուրքիոյ համալսարաններէն մէկու տնօրէնը դատական հայց ներկայացուցած էր Կարօ Փայլանի դէմ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելու համար: Դատախազութիւնը այդ բառը կը դիտարկէ «թուրք ժողովուրդին վիրաւորելու» յօդուածի ծիրէն ներս եւ անոր դէմ քրէական գործ յարուցելու թոյլտւութեան համար դիմած է Արդարադատութեան նախարարութիւն եւ ստացած թոյլտւութիւնը: Օրեր առաջ յայտնի դարձած է, որ դատախազութիւնը արդէն դիմած է խորհրդարանի ղեկավարութեան Կարօ Փայլանը անձեռնխելութենէ զրկելու պահանջով։