Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի վերջին տարիներուն Իրանի մայրաքաղաքին մէջ յայտնւած ամերիկեան զօրքերը կը կարօտնային հայրենիքը: Անոնցմէ շատերը կերազէին գարեջուր վայելել աւանդական ձեւով` չիփսով: Այն տարիներուն Թեհրանի մէջ գարեջուրի պակաս չկար, իսկ չիփս ոչ ոք կը պատրաստէր:

Թեհրանի մէջ բնակող Գուրգէն Դանեղեանը չոր միրգ պատրաստելու մասնագէտ էր: Տեսնելով ամերիկացիներու կողմէ չիփսի նկատմամբ պահանջարկը, տեղի հայկական ճաշարաններէն մէկը անոր կառաջարկէ զբաղիլ չիփսի արտադրութեամբ:

Գուրգէնի որդին` Ռոման Դանեղեանը, «Մետիամաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին կը յիշէ, որ հայրը սկիզբը կը հրաժարի` պատճառաբանելով, որ ծանօթ չէ չիփսի պատրաստութեան ձեւին, բայց յետոյ միտքը կը փոխէ:

Այդպէս Դանեղեանները կը դառնան Թեհրանի մէջ առաջին չիփս արտադրողները:

«Առաջին անգամ ամէն ինչ շատ դժւար ընթացաւ: Արհեստագիտութեան ծանօթ չէինք եւ չէին գիտեր, որ մինչեւ պատրաստելը պէտք է հեռացնել գետնախնձորի ոսլան: Գետնախնձորը ամբողջովին կը չփշրւէր: Ինչ-որ տեղէ հայրս ճշտեց, որ գետնախնձորի ոսլան նախապէս պէտք է հեռացնել: Ատկէ ետք արդէն կը լեցնէինք մեծ կաթսաներու մէջ, կը սպասէինք մինչեւ ոսլան նստի եւ ապա տապկենք: Հօրեղբայրս յատուկ կտրոց պատրաստեց, որմով կը կտրտէր գետնախնձորը»,-  կը յիշէ Ռոմանը, որ այն ժամանակ 9-10 տարեկան էր:

Անոր խօսքով` ամբողջ գործը իր ընտանիքը կընէր: Ունէին նաեւ երկու պարսիկ կին օգնականներ, որոնք պատրաստ չիփսերը կը լեցնէին յատուկ տոպրակներու մէջ:

«Ամէն օր հօրեղբայրս պատրաստ չիփսերու տուփերը կը լեցնէր հսկայ թուղթէ տոպրակներու մէջ, հեծանիւով կը տանէր եւ կը յանձնէր ճաշարաններուն: Երբ պատւիրատուներուն քանակը աւելցաւ, աշխատանքի ծաւալը շատ աճեցաւ: Բայց հօրեղբայրս կը հասցնէր միայնակ տեղափոխել ապրանքը»,- կը պատմէ ան:

Ռոմանին խօսքով` հակառակ փոքր տարիքին, ինքն ալ կը մասնակցէր արտադրութեան:

«Չիփսի պատրաստութեան համար անհրաժեշտ ձէթը ես տուն կը հասցնէի` երկու ծանր անօթներով: Շատ կը յոգնէի, բայց որքան ալ տարօրինակ էր, չէի քրտներ: Անգամ մը որոշեցի, որ ատիկա պէտք է ուղղել, եւ մեր տան դիմացով հոսող առւի ջուրով ձեռքս թրջեցի ու քսեցի ճակատիս, իբրեւ թէ քրտինք էր»,- ծիծաղելով կը յիշէ ան:

Սկզբնական շրջանին չիփսը մէկ տեղ կուղարկէին, ապա ժամանակի ընթացքին պատւերներ ունէին քանի մը ճաշարաններէ:

«Գարեջուրի հետ չիփսը շատ արագ կը սպառէր: Ճաշարաններու օգուտը, ի հարկէ, գարեջուրն էր, իսկ չիփսը միջոց էր, որ աւելի շատ գարեջուր սպառեր»,- կըսէ Ռոմանը:

Այս եկամտաբեր արտադրութեամբ ընտանիքը զբաղած է շուրջ մէկ ու կէս տարի, մինչեւ 1946 թւականի Հայաստան հայրենադարձւիլը: