Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիա բոլոր ժամանակներուն ալ ունեցած է ընդգծուած հակացեղային ներքին քաղաքականութիւն եւ Աթաթուրքի «Թուրքիան թուրքերուն համար» նշանաբանը քաղաքական ուղեծիր է նաեւ այսօր:

Պոլսահայ Տիրան Լոքմագէօզեան «Ռադիոլուր»-ի հետ զրոյցի ընթացքին տխուր վիճակագրութիւն  ներկայացուցած է.  երբեմնի 200 հազարանոց հայ համայնք ունեցող Թուրքիոյ մէջ այսօր կը բնակի 40 հազար հայ: Աւելի ցաւոտ վիճակ է Անատոլիոյ մէջ, ուր գրեթէ հայ չկայ:

«Երանի Թուրքիա ըսողին». Աթաթուրքի այս խօսքը միշտ գերիշխող պիտի ըլլայ երկրին մէջ` կ՛ըսէ Լոքմագէօզեան: «Հայ մնալը բաւականին դժուար է, յատուկ դժուարութիւններ կան: Մօտաւորապէս, համեմատեմ Սովետական Միութեան կառավարման տարիներուն հետ, երբ կոմունիստ չըլլալը մեծ հարց էր: Վտանգներ միշտ եղած են ու պիտի ըլլան: Արտասահմանի մէջ չեն հասկնար այդ վիճակը, կ՛ըսեն` թրքահայերը վախկոտ են: Ատիկա զգուշութիւն է, ոչ թէ վախկոտութիւն, քանի որ գիտեն իրենց գլխուն գալիքը»:

Վերջին տարիներուն երկրին մէջ ահագնացող մակարդակի հասնող ատելութեան մթնոլորտը ներքին քաղաքականութեան օրակարգային հարց կը դառնայ: Այս կերպով Թուրքիոյ իշխանութիւնները կ՛ապահովագրեն երկիրը` հնարաւոր մասնատման ենթարկուելու հեռանկարէն` կ՛ըսէ թրքագէտ Մուշեղ Խուդավերտեան: «Թուրքիոյ մասնատման վտանգը բաւական մեծ է, քանզի Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամանասնութիւնները կրնան արտասահմանեան յատուկ ծառայութիւններու միջոցով յեղափոխութիւն ընել եւ հիմքէն մասնատել Թուրքիան: Եւ այդ վախերու պատճառով է, որ ներկայիս ազգայնականները աւելի աշխուժացած են»: