Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան դատապարտած է Վան նահանգի Արտամէտ շրջանին մէջ գտնուող հայկական գերեզմաննոցի տարածքին վրայ արտաքնոց կառուցելու որոշումը։

Ան նշած է, որ նշեալ շրջանը պատմական տարածք է, ուր կը գտնուին ուրարտական յուշարձաններ, եւ որ 100 տարի առաջ այդ վայրը հայերով խիտ բնակեցուած Խորգոմ գիւղն էր:

Փայլան դատապարտած է նաեւ Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ ժամանակաւոր նշանակուած Վանի ու Արտամէտի քաղաքապետներուն որոշումները՝ պահանջելով, որ անյապաղ քայլեր ձեռնարկուին իրավիճակը սրբագրելու համար:

Միւս կողմէ, Օգոստոս 3ին հաղորդուեցաւ, որ այդ նշեալ գերեզմաննոցի շրջանի լողափը փակուած է։ Թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքը կը հաղորդէ, որ լողափին մուտքը արգելափակուած է, իսկ ներսը քաղաքապետարանի աշխատակիցներուն վերահսկողութեամբ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին։

Վանի բողոքական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Վահիտ Եըլտըզ այցելած է հայկական գերեզմաննոցի տարածքը եւ փորձած է ուսումնասիրութիւն կատարել, տեղեկանալու համար հոն տիրող իրավիճակին մասին: Սակայն, քաղաքապետարանի աշխատակիցները արգիլած են անոր մուտքը:

Եըլտըզ ըսած է, որ յայտնի չէ, թէ հայկական գերեզմաննոցի կողքի լողափի տարածքին ինչպիսի՛ աշխատանքներ կը կատարուին, սակայն նկատելի է, որ մեքենաները այդ տարածքին վրայ գտնուող «Տիլքայա» պատմական բլուրին՝ դէպի ափ նայող հատուածին հողը կը տեղափոխեն: Հանուած հողը անփութօրէն այս ու այն կողմ կը թափուի, եւ տեղ-տեղ նկատելի են գերեզմաններէն դուրս եկած մարդկային ոսկորներ:

Քանի մը օր առաջ թրքական մամուլին մէջ տեղեկութիւն տարածուած էր, թէ հայկական գերեզմաննոցին դիմաց բացուած լողափին համար հասարակական արտաքնոց եւ հանդերձարաններ կը կառուցուին՝ Արտամէտի քաղաքապետարանի նորանշանակ հոգաբարձուին որոշումով: