Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ռումանիոյ Օրատէա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու ախոյանութեան B բաժինին մէջ Հայաստանի տղոց երիտասարդական հաւաքականը 82 – 80 հաշիւով յաղթեց Ատրպէյճանի ընտրանիին:

Յաղթանակէն ետք Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղադրուած է լուսանկար` «Հայաստան-Ատրպէյճան` 82:80 (Մ20) յաղթանակէն ետք» գրութեամբ։