Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Տիֆենս Նիուզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տունը Ուրբաթ, Յուլիս 14ին վաւերացուց քոնկրեսական Տէյվ Թրաթի առաջադրած՝ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր ծախելու ծրագիրը կասեցնելու մասին յաւելուածը։

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Թրաթ շնորհակալութիւն յայտնած է իր առաջարկին նեցուկ կանգնած քոնկրեսականներուն։ Ան իր առաջարկին նեցուկ կանգնելու յայտարարութեան մէջ շեշտած էր, թէ այս պատժամիջոցով պէտք է յստակօրէն պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը՝ շեշտելով, որ իր երկրին ռազմագիտական կարեւոր դիրքը իրաւունք չի տար Անգարային, որ ինքզինք օրէնքէն վեր դասէ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին, դրուատեց Ներկայացուցիչներու տան այս որոշումը։

Թրաթի առաջարկը մէկն էր այն չորս պատժամիջոցներէն, որոնք ներկայացուած էին՝ դատապարտելու համար Ուաշինկթընի մէջ Մայիս 16ին տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ ցուցարարներուն դէմ գործուած վայրագ յարձակումը, եւ շեշտելու, թէ ամերիկեան արժէքներու այսպիսի ոտնակոխումէ մը ետք՝ Թուրքիոյ զէնքեր վաճառելու ծրագիրները խոտոր կը համեմատին Միացեալ Նահանգներու սկզբունքներուն։