Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Տէյվ Թրաթի եւ Ֆրենք Փալոնի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ Տեւըն Նունիէզի, նոյն յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էտըմ Շիֆի եւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Էլիըթ Էնկըլի գլխաւորութեամբ, աւելի քան 35 քոնկրեսականներ նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որպէսզի անմիջապէս կասեցնէ Թուրքիոյ հետ գոյացուած զէնքերու վաճառքի համաձայնութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն արդիական զէնքեր պիտի տրամադրուին։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, իր կարգին ողջունեց քոնկրեսականներուն սոյն քայլը՝ շեշտելով, որ ամերիկեան զէնքեր պէտք չէ տրամադրուին այն թիկնապահներուն, որոնք Էրտողանի նման բռնատէրի մը հրահանգով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակեցան Մայիս 16ին։

Թրաթ բացատրած է, թէ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ ժողովրդավարական տարրական սկզբունքները վայրագօրէն ոտնակոխելու Էրտողանի կամակատարներուն արարքը կարելի չէ՛ ընդունիլ, եւ թէ նման զէնքերու յանձնումը Թուրքիոյ՝ պարզապէս պիտի քաջալերէ Էրտողանը, որ նման անօրէնութիւններ շարունակէ։

Նշենք, որ Մայիս 16ի յարձակումէն ետք, Հայ Դատի կայքին միջոցաւ հազարաւորներ դիմած են իրենց քոնկրեսականներուն՝ դատապարտելով յարձակումը եւ պահանջելով Անգարայի դէմ որդեգրել պատժական քայլեր, որոնցմէ մէկն է զէնքերու վաճառքի համաձայնութեան կասեցումը։ Այս արշաւին կարելի է միանալ՝ այցելելով anca.org/NoGunsforTurkey կայքէջը։

Յիշեցնենք, որ Ներկայացուցիչներու տունը Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ գործադրուած վայրագ յարձակումը դատապարտող թիւ 354 բանաձեւը վաւերացուց միաձայնութեամբ (397 թեր եւ 0 դէմ քուէով):

Նաեւ, Ներկայացուցիչներու տան աւելի քան 100 անդամներ եւ ծերակուտականներ հանրային յայտարարութիւններով դատապարտեցին Էրտողանի թիկնապահներուն բռնարարքները։ Իսկ Յունիսի կիսուն, Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազութիւնը ձերբակալութեան հրամանագիր հռչակեց Էրտողանի 12 թիկնապահներուն դէմ։

Քոնկրեսականներուն նամակը կարդալու համար, այցելել https://anca.org/press-release/trott-pallone-lead-congressional-letter-stop-controversial-gun-sale-turkeyկայքէջը։