Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Համայն հայութեան նուիրական սրբավայր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին առիթով՝ Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը բերենք մեր ժողովուրդին եւ մեր բարեմաղթանքները` մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց, բոլոր մայրերուն եւ օրիորդներուն:

Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:

«Սիրելիներ, այսօր մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ խորաններէն Տիրամօր բարեխօսութեամբ օրհնութիւն կը բաշխուի բոլոր հաւատացեալներուն, կ՝օրհնուին մայրութեան բերկրանքին սպասող կանայք եւ կը փոխանցուի Սուրբ Աւետման հրեշտակաձայն յորդորը` ուրախ ըլլալու, քանզի Տէրը ձեզ հետ է (հմմտ. Ղուկաս Ա 28): Դարեր շարունակ այս լուսաբեր աւետիսով քաջալերուած եւ զօրացած է քրիստոնեայ մեր ժողովուրդը, իսկ մեր մայրերն ու քոյրերը օրինակ ունենալով Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի կատարեալ մօր տիպարը` իրենց զաւակները կրթած եւ դաստիարակած են հաւատով, առ հայրենին սիրով ու նուիրումով եւ անփոխարինելի իրենց նպաստը բերած ազգային-եկեղեցական ու հասարակական մեր կեանքին:

Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աւետման այս նուիրական տօնին խորհուրդով զօրացած` տիկնայք, մայրերն ու օրիորդները շարունակեն արդիւնաւորել իրենց նուիրական ջանքերը` յանուն մեր երկրի առաջընթացի, մեր ժողովուրդի բարօրութեան, իրենց ընտանիքներու ամրութեան եւ երջանկութեան: Թող Տիրոջ Ամենախնամ Աջի հովանիին ներքոյ՝ բոլոր մայրերը ուրախ սրտով գրկեն իրենց մանուկներն ու մեծցնեն խաղաղութեան ու ապահովութեան մէջ»,- ըսուած է Կաթողիկոսի ուղերձին մէջ: