Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Երկուշաբթի, 16 Մայիսին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ:

Հանդիպման աւարտին, լրագրողներու այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս ընթացաւ հանդիպումը, ժողովէն բարձր տրամադրութեամբ դուրս եկած Հայաստանի նախագահը պատասխանեց՝ «նորմալ»:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս Ապրիլի սկզբին զինադադարի կոպիտ խախտման հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները: Համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչները պնդեցին 1994ի զինադադարի եւ 1995ի զինադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագրերու անշեղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ քայլեր ձեռնարկելու մշտադիտարկման եւ միջադէպերու հետաքննութեան դրութեան մը ներդրման, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի թիմի կարողութիւններու աւելացման, հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի հնարաւոր վերսկսման ուղղութեամբ: