Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը երէկ հրապարակել է մի յայտարարութիւն, որտեղ իր մտահոգութիւնն է  յայտնել 19 յուլիսին Թիֆլիսում կատարւածի  առնչութեամբ եւ դատապարտել է «ազգային թշնամանք  եւ կրօնական անհանդուրժողականութիւն հրահրող այս գործողութիւնը»:
«Ըստ Վիրահայոց թեմին ներկայացուցած  տեղեկատուութեան, սոյն թուականի 19 յուլիսին, Թիֆլիսի մէջ, ծայրայեղ ազգայնական տրամադրուածութեամբ շուրջ 50 անձերու կողմէ  Հաւլաբարի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ նկատմամբ կատարուած է ոտնձգութիւն, որուն  ընթացքին անարգալից եւ հայհոյական արտայայտութիւններու ընկերակցութեամբ խոշտանգումի ենթարկուած են եկեղեցւոյ  սպասաւոր տէր Մանուկ քհնյ. Զէյնալեան, թեմի պաշտօնեաներ եւ այդ պահուն եկեղեցւոյ մէջ գտնուող հայ հաւատացեալներ», ասւել է յայտարարութեան մէջ:
«Սադրիչ սոյն ոտնձգութիւնը ցաւալի հետեւանքն է վերջին տարիներուն Վրաստանի մէջ տարբեր կազմակերպութիւններու  եւ անհատներու, որոնց  շարքին վրացի որոշ հոգեւորականներու կողմէ տարածուող  հակահայկական  տրամադրութիւններուն», նշում է Մայր աթոռը` ընդգծելով. «Ծայրայեղական նման դրսեւորումները անյարիր են հայ եւ վրացի  ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիին, որ պատմական մեր ընդհանուր անցեալի թանկարժէք նուաճումներէն է»:
«Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի ակնկալութիւնն է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկեն եկեղեցւոյ նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարած բոլոր անձերը եւ ապահովեն Վրաստանի մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի անվտանգութիւնն ու կեանքի բնականոն ընթացքը», նշւած է յայտարարութեան մէջ: