Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Այս տարուան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ  Նոյեմբեր 28-ին, ժամը` 22:00–ին եւ առաջին անգամ պիտի հեռարձակուի Հայաստանէն, հանրային հեռուստատեսութեան ուղիղ եթերով:

«Հայփոստ»-ը կը  շարունակէ օժանդակել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, հեռուստամարաթոնի ծիրէն ներս մուտքագրուած դրամական նուիրատուութիւնները հաւաքագրելու գործին:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան կը նշէ․«Հիմնադրամը շատ կարեւոր կը նկատէ Հայփոստի հետ համագործակցութիւնը: Իր աւելի քան 900 բաժանմունքներով եւ յենակէտերով ողջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին` ան յուսալի կամուրջ կը ստեղծէ հիմնադրամին եւ քաղաքացիներու միջեւ»:

Հեռուստամարաթոնին ընդառաջ, մինչեւ այս տարուան աւարտը, բոլոր նամակատուներու բաժանմունքներու աշխատողները ՀՀ քաղաքացիներէն պիտի ընդունին որեւէ չափի նուիրատուութիւն: Նամակատնային դրամահաւաքի արդիւնքով հաւաքագրուած գումարները պիտի ուղղուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, որոնք միտուած են ապահովելու հայկական համայնքներու կայուն եւ համաչափ զարգացումը:

Այս տարուայ հեռուստամարաթոնի առանցքային թեմաներն են խմելու ջուրը եւ արեւային ելեկտրականութիւնը` «Ես իմ անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներուն» կարգախօսով:

Թէեւ Հայաստանը հարուստ է ջրային պաշարներով, բայց շատ համայնքներ տակաւին խմելու ջուր չունին։ Որակեալ եւ բաւարար քանակով ջրամատակարարում ունենալու կարեւորութիւնը առաւել քան կենսական է: Վստահ ենք, որ միասնական ջանքերով կրնանք լուծել այս խնդիրը:

«Հիմնադրամը վերջին երկու տարիներուն առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի ծրագիրերու իրականացման, որուն արդիւնքով հանրային շէնքերը ապահովուած պիտի ըլլան անվճար ջեռուցմամբ եւ ելեկտարակութեամբ: Վերականգնուող ուժանիւթի ծրագիրներու շնորհիւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի խնայուած գումարները ուղղել համայնքային կայուն եւ համաչափ զարգամցման», — կը նշէ Արշամեան: