Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Օգոստոս 18-ին, Ռեազանի մէջ պիտի կայանայ հնագոյն քաղաքներու միջազգային Հաւաքը, որ պիտի միաւորէ 500 տարուան եւ աւելի պատմութիւն ունեցող քաղաքները:

Ըստ armenpress.am-ի՝ հաւաքին հիմնական նպատակը ազգամիջեան եւ միջմշակութային փոխգործակցութեան զարգացումն է, միջտարածաշրջանային եւ միջազգային կապերու ամրապնդումը, ներգնայ եւ արտագնայ զբօսաշրջութեան զարգացումը:

Հաւաքի ընթացքին իրենց մշակոյթը, աւանդոյթները, ձեռքբերումները պիտի ներկայացնեն ԱՊՀ անդամ 7 երկրի, Ռուսիոյ 8 շրջանի 18, ինչպէս նաեւ 9 այլ երկրի 15 քաղաքի պատուիրակութիւնները: Հաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ Երեւանի պատուիրակութիւնը: