Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ, տեղի պիտի ունենայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական 4-րդ համաժողովը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին ըսած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը՝  նշելով, որ համաժողովին պիտի մասնակցին Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճարտարապետները, ճարտարագէտները եւ նախագծող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Անոր խօսքով՝ համաժողովը առիթ պիտի ստեղծէ հայկական միջավայրին ներկայացնելու Արցախի ճարտարապետութիւնը, ինչպէս նաեւ հարթակ պիտի ստեղծէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող ճարտարապետներու փորձի փոխանակման համար համագործակցութեան նոր ուղիներ ստեղծել:

Կ. Շահրամանեանի խօսքով՝ Արցախը համաժողովին աւելի ներկայանալի դարձնելու համար այժմ կը տարուին նախապատրաստական աշխատանքներ:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան երկու տարի առաջ միացած են նաեւ Արցախի ճարտարապետներն ու նախագծող կազմակերպութիւնները:

Նշենք, որ համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, այնուհետեւ մասնակիցները անիկա պիտի շարունակեն Արցախի մէջ: