Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

2017 թւականի Յունւար-Սեպտեմբեր ամիսներուն աւելի քան 1,5 միլիոն այցելութիւն կատարւած է Հայաստան: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տւեալներուն համաձայն` այս տարւան առաջին 9 ամիսներուն Ռուսիան առաջին տեղը կը գրաւէ Հայաստան այցելած օտարերկրեայ քաղաքացիներու թիւով:

Հայաստան այս երկրի քաղաքացիներու կատարած այցելութիւններուն թիւը 349.800 է, ինչ որ կը կազմէ այցելութիւններուն ընդհանուր թիւի 23%-ը:

137.938 այցելութիւնով երկրորդը Իրանն է, երրորդը` Վրաստանը, չորրորդը` Միացեալ Նահագները, հինգերորդը` Ֆրանսան: Այս երկիրներէն նոյն ժամանակահատւածին մէջ Հայաստան այցելութիւններու թիւը կազմած է համապատասխանաբար` 76.522, 32.701 եւ 15.628:

Դէպի Հայաստան այցելութիւններ հիմնականօրէն կատարւած են Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, ԱՊՀ տարածաշրջանի երկիրներէն: Հեռաւոր Ասիայէն ցուցակին մէջ ընդգրկւած են նաեւ Ֆիլիփինները, Չինաստանը, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան:

Ցուցակին մէջ այցելութիւններու թիւով ամենավերջինը Պուլկարիան է` 1.163: