Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 3ին, Մոսկւայի մէջ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկերի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննւած են երկկողմանի համագործակցութեան առնչւող շարք մը հարցեր։

Հանդիպումէն ետք տրւած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Լաւրով վստահեցուցած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները կը շարունակեն աշխուժօրէն աշխատիլ՝ Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու համար։

Լաւրով աւելցուցած է, թէ համատեղ աշխատանքը յոյժ կարեւոր է տարածաշրջանի հակամարտութիւններուն կարգաւորման համար:

Իր կարգին, Կրեմինկեր վստահութիւն յայտնած է, որ ԵԱՀԿի նման միջազգային կազմակերպութիւն մը կարողութիւնը ունի՛ կանխելու ճգնաժամերուն հակամարտութեանց վերածւիլը: