Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

«Արմսես» գիտակրթական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի համատեղ ջանքերով գործարկւած է «Ապրիլեան պատերազմ 2016» կայքը (www.april2016.am):

Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամէն News.am-ին յայտնած են, որ վերջինս նւիրւած է 2016 ապրիլեան պատերազմին, տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն, զոհւած հերոսներու կեանքի ու սխրանքի պատմութեան, հայ-ատրպէյճանական պատերազմի ներկայ փուլին: Կայքին մէջ, ընթերցողի հետ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով լուսաբանւած են պատերազմի ներկայ փուլի ընթացքը, անոր դրդապատճառներն ու յաղթահարման հնարաւոր տարբերակները, առաջնագծի վրայ զինծառայողներու հերոսութեան ներկայացման համաշարին վրայ պարզաբանւած է պատերազմական պայմաններուն մէջ թիկունքի եւ առհասարակ քաղաքացիական բնակչութեան դերակատարութիւնը:

«Ապրիլեան պատերազմ 2016» կայքին մէջ ներկայացւած են վերլուծական բնոյթի նիւթ-տեղեկագիրներ` յօդւածներ, հարցազրոյցներ, ժամանակագրութիւն, որոնք լոյս կը սփռեն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ Հայաստանի ռազմավարական մտահոգութիւններու վրայ եւ կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ հայկական, թէ՛ օտարերկրեայ լսարանի համար:

Կայքը ունի նաեւ ատրպէյճաներէն էջ, ուր ներկայացւած են հակառակորդի լսարանին հետաքրքրող այն հարցերուն պատասխանները, որոնք ատրպէյճանցի աշխոյժ օգտատէրերը յաճախ կը փորձեն ստանալ ուղղակի հայկական կողմէն: Կայքը չծանրաբեռնելու համար այդ էջը հասանելի է միայն ատրպէյճանցի օգտատէրերուն:

Կայքի բովանդակային յագեցումը իրականացւած է «Արմսես» գիտակրթական կեդրոն» ՀԿ-ի կողմէ` 2016-ին ՀՀ Նախագահի աշխատակազմին կողմէ ՀԿ-ներուն տրամադրւող դրամաշնորհային ծրագիրի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթին ծիրէն ներս: Կայքի ստեղծման, ճարտարագիտական կահաւորման եւ անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները անհատոյց կերպով կ՝իրականացւին «Լոկատոր» ՓԲԸ կողմէ:

Ներկայիս կը շարունակւին աշխատանքներ իրականացւիլ կայքի համալրման ուղղութեամբ: Յառաջիկային կը նախատեսւի շարունակել 2016 Ապրիլ-Մայիսին զոհւած զինծառայողներուն նւիրւած ակնարկային յուշապատումներու, վերլուծական տիպի նիւթերու տեղադրման եւ ապրիլեան պատերազմի ժամանակագրութեան ներկայացման գործընթացը:

Կայքի բովանդակութեան մեծ ծաւալներու նախնական տեղեկատւութիւնը հաւաքւած է ՊԲ եւ ՊՆ` մարտական գործողութիւններուն մէջ ներգրաււած համապատասխան զօրամասերուն մէջ դաշտային աշխատանքներու, զոհւած զինծառայողներու ընտանիքներ տնայցերի, ինչպէս նաեւ ոլորտի առաջատար ու ծանօթ մասնագէտներու հետ մշտական փոխխորհրդակցութեան շնորհիւ: