Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւնում գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 1-ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ միասին ներկայ եղաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհի բացման արարողութեան:

Ճանապարհը կառուցուած է համայն հայութեան նուիրատուութիւններով` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ 2013 եւ 2014 թուականներու հեռուստամարաթոններու ընթացքին հաւաքագրուած միջոցներու եւ Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւններու աջակցութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:

Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Պարգեւ Սրբազանի հետ այցելեցին նաեւ Դադիվանք` ծանօթացան վանական համալիրին մէջ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներու ընթացքին եւ մոմ վառեցին Դադիվանքի Սբ. Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու նախագահները Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանին մէջ այսօր պիտի այցելեն նաեւ գինիի նորաբաց գործարանը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սեպտեմբեր 2-ին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ պիտի մասնակցի Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: