Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ՀՀ կառավարութիւնը կը նպատակադրէ 2017¬-2022 թուականներուն իրականացուելիք քայլերու եւ միջոցառումներու արդիւնքով տարեկան զբօսաշրջային այցելութիւններու թիւը հասցնել առնուազն 3 միլիոնի: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-¬ը, այս մասին նշուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագրին մէջ, որը նախարարներու արտահերթ նիստի ժամանակ արժանացած է հաւանութեան եւ ուղարկուած Ազգային ժողովի քննարկման:

 Զբօսաշրջութեան ոլորտը կարգաւորող իրաւական դաշտը կատարելագործելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2017-ի աւարտը իրականացնել շարք մը նպատակային շուկայ հանդիսացող երկիրներու քաղաքացիներուն համար Հայաստան առանց վիզայի կամ մուտքի արտօնագրի տրամադրման գործընթացի դիւրացում, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջային փոխադրամիջոցներու համար սահմանային անցման դիւրացում:

Մինչեւ 2018-ի աւարտը կառավարութիւնը կը նախատեսէ սահմանել զբօսաշրջային ծառայութիւններու նկատմամբ որակական նոր պահանջները եւ ներդնել ատոնց ապահովման մեքանիզմները: Կը նախատեսուի մինչեւ 2019 թուականի աւարտը ներդնել զբօսաշրջութեան արձանագրութեան, մինչեւ 2020 թուականի վերջը աւարտել հանրապետութեան տարածքին ժամանակակից զբօսաշրջային տեղեկատուական միասնական ցանցի ստեղծման աշխատանքները:

 Հայաստանի ճանաչելիութիւնը աշխուժացնելու, զբօսաշրջային արդիւնքի զանազանութիւնը ապահովելու, վիճակագրական տեղեկատուական համակարգը կատարելագործելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ 2017 թուականի աւարտը մշակել եւ ընդունել «Ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» ռազմավարութիւնը` 2018 թուականին ապահովելով ատոր իրականացումը:

 Ծրագիրով կը նախատեսուի 2017¬-2022 թուականներու ընթացքին պետական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի մարզերուն մէջ ամենամեայ աւանդական փառատօններու, տօնակատարութիւններու եւ այլ զբօսաշրջային նախաձեռնութիւններու կազմակերպման: 2017-¬2022 թուականներու ընթացքին կը նախատեսուի ընդլայնել մարզական զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ միջազգային մրցաշարերու կազմակերպման միջոցով:

Ծրագրով կը նախատեսուի 2017-¬2022 թուականներու ընթացքին ամրապնդել, զարգացնել եւ խթանել համաշխարհային շուկայի մէջ Հայաստանի` որպէս ապահով եւ զբօսաշրջութեան համար գրաւիչ երկրի նկարագիրը, մինչեւ 2018 թուականի աւարտը կատարելագործել զբօսաշրջութեան վիճակագրութեան վարման մեթոտը` նախադրեալներ ստեղծելով Զբօսաշրջութեան արբանյակային հաշիւ համակարգի ներդրման համար, մինչեւ 2020 թուականի աւարտը ընդունել էքոզբօսաշրջութեան զարգացման հայեցակարգը: