Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ասկերանի բերդին մէջ կ՝ընթանան վերականգնողական աշխատանքներ:

Ըստ Artsakhpress.am-ի, այս մասին ըսած է ԱՀ տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արման Գրիգորեան եւ նշած, որ վերականգման նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին դեռ նախորդ տարուան վերջը:

«Մարտ ամիսէն սկսած է տարուող աշխատանքներուն հիմնական փուլը: Շինարարական աշխատանքները նախատեսուած են աւարտին հասցնել ընթացիկ տարուան վերջը: Ծրագրի նիւթական բաժինը կը կատարուի ԱՀ կառավարութեան կողմէն»,- ըսած է Ա. Գրիգորեան:

Զբօսաշրջութեան վարչութեան պետին խօսքով, իբրեւ զբօսաշրջային վայր՝ Ասկերանի բերդը զբօսաշրջիկներու պակաս չ՝ունենար, քանի որ կը գտնուի «Տիգրանակերտ»-ի արգելոց տանող զբօսաշրջային երթուղիին վրայ: Վերականգնողական աշխատանքներէն ետք ալ աւելի պիտի մեծնայ բերդին գրաւչութիւնը, եւ անիկա ալ աւելի մատչելի պիտի դառնայ զբօսաշրջութեան համար:

Նշենք, որ Ասկերանի բերդը կառուցուած է միջնադարուն: Անիկա յայտնի է նաեւ Մայրաբերդ անունով: Ստեփանակերտէն կը գտնուի 14 քմ դէպի արեւելք: 18-րդ դարուն անիկա ենթարկուած է վերակառուցման եւ ստացած ներկայ տեսքը: Պարիսպը ունի կլոր աշտարակներ, պատերը ունին 2մ հաստութիւն եւ 9մ բարձրութիւն, որոնց վրայ առկայ են հրակնատներ: Պաշտպանական կառոյցը ունիի աւելի քան 1,5քմ երկարութեամբ` Կարկառ գետի երկու կողմերով: