Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2017 թուականի Փետրուարին արձանագրուած է 172 ծնունդ:

Արցախի Հանրապետութեան ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ 2016 թուականի Փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է  220 ծնունդ, որ կը նշանակէ, թէ ցուցանիշը նուազած է 48-ով:

 2017 թուականի Փետրուարին Արցախի մէջ մահացած է 110 մարդ, իսկ բնակչութեան բնական աճը այս տարուան Փետրուարին կազմած է 62 մարդ: 2016  թուականի Փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 220 ծնունդ եւ 103 մահ,  բնակչութեան բնական աճը կազմած է 117 մարդ:

2017 թուականի Փետրուարին Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ամուսնութիւններուն թիւը կազմած է 51, ամուսնալուծութիւններուն թիւը` 17:

2016 Փետրուարին հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ամուսնութիւններուն թիւը կազմած է 57, ամուսնալուծութիւններուն թիւը` 15:

2016  Փետրուարին ԱՀ մէջ պաշտօնապէս հաշուառուած եկողներուն քանակը (առանց ներքին տեղափոխութիւններուն) կազմած է 57, իսկ մեկնողներուն քանակը` 48 մարդ: