Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ՀՀ նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այսօր ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ մասնակցած է ՀՀ ՊՆ ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2016-ի շրջանաւարտներու աւարտական ձեռնարկին:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հանդիսաւոր արարողութեան մասնակիցները, շնորհաւորած 2016-ի ռազմաուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնառութիւնը աւարտած շրջանաւարտները եւ մաղթած անոնց յաջողութիւններ ու անփորձանք ծառայութիւն:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ Սերժ Սարգսեան ուսման մէջ գերազանցիկներուն անձամբ յանձնած է սպայական վկայականները եւ պարգեւատրած անուանական դաշոյններով: Հանրապետութեան նախագահը արարողութեան առնչութեամբ հանդէս եկած է ելոյթով: Արարողութիւնը աւարտած է շրջանաւարտներու հանդիսաւոր քայլերթով եւ Պատուոյ պահակախումբի ցուցադրական ելոյթով: