Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 26 օգոստոսին այցելած է հանրապետութեան հիւսիսային հատուածին մէջ տեղակայուած շարք մը զօրամասեր:

Նախագահ Սահակեան ծանօթացած է ծառայութեան ընթացքին եւ պայմաններուն, նաեւ` զինուորներուն առօրեային:

Երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան հետեւողական բարձրացումը, նոր ռազմատեսականիով համալրումը միշտ ալ եղած են ու կը մնան պետութեան կարեւորագոյն առաջադրանքներէն, այդ առումով ալ ամէն ինչ կը կատարուի այս ուղղութեամբ:

Նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, պաշտօնատար այլ անձեր: