Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Պետական այցով Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր հիւրընկալուած է Չինաստանի հեղինակաւոր կրթօճախներէն մէկուն` Փեքինի համալսարանին մէջ: Հանրապետութեան նախագահը համալսարանի բարձրաստիճան հիւրերու սրահին մէջ հանդիպում ունեցած է համալսարանի ղեկավարութեան հետ: Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-չինական բարեկամութեան ու տարբեր ոլորտներու, որոնց շարքին` կրթութեան, համագործակցութեան զարգացման:

Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Սերժ Սարգսեան գրառում կատարած է համալսարանի պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:

«Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդների ներկայ եւ ապագայ յաջողութիւնների եւ բարօրութեան գրաւականը գիտելիքի ու կրթութեան նկատմամբ յարատեւ ուշադրութիւնն է»,-գրած է նախագահը:

Փեքինի համալսարանին մէջ այնուհետեւ կայացած է Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմին հետ: Հայաստանի նախագահին հանդիպման ժամանակ շնորհուած է Փեքինի համալսարանի պատուաւոր փրոֆէսորի կոչում:

Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան ու իրեն նման պատուաւոր կոչման արժանացնելու համար եւ իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները:

Նախագահը անդրադարձած է նաեւ հայ-չինական աշխոյժ զարգացող բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին եւ երկկողմ կապերու առաւել խորացման ու ամրապնդման հեռանկարին, տեղեկացուցած է իր պետական այցի արդիւնքներուն մասին:

Անդրադառնալով դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման ընթացքին` Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ բարեկամ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները աշխոյժ կը զարգանան` տարիէ տարի ներառելով նոր ոլորտներ, ինչ որ կը վկայէ փոխադարձ շահագրգռուածութեան մասին: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ այդ փաստը արձանագրուած է իր եւ ՉԺՀ Նախագահ Սի Ծինփինի կողմէ ստորագրուած բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ գործընկերութեան յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ խորացման մասին համատեղ հռչակագրին մէջ:

Նախագահին խօսքով` այդ կարեւորագոյն փաստաթուղթով երկու երկիրները վերահաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը` խորացնելու աւանդական բարեկամութիւնը, աշխուժացնելու բարձր մակարդակի փոխադարձ շփումները եւ ամրապնդելու քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը տնտեսութեան, առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու, մշակոյթի, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ: Նախագահը վստահեցուցածլ է, որ Հայաստանը եւ Չինաստանը պիտի ըլլան մշտապէս իրարու աջակցող գործընկերներ:

«Հայաստանն իր պատմութեան ողջ ընթացքում գտնուել է երկու աշխարհների` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանագծին, ինչը հայ ժողովրդին ընկալելի է դարձրել թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ասիայի համար: Մեր երկրում առանձնայատուկ յարգանք ունեն Չինաստանի նկատմամբ, որի ժողովուրդը հազարամեակների ընթացքում հոգատարութեամբ պահպանում է իր պատմական եւ քաղաքակրթական հարուստ ժառանգութիւնն ու աւանդոյթները: Միեւնոյն ժամանակ ձեր երկիրը ծառայում է որպէս օրինակ այնպիսի պետութեան, որը, բարեփոխումների եւ զարգացման ճիշտ ընտրուած ռազմավարութեան շնորհիւ, հասել է հսկայական յաջողութիւնների` արժանի տեղ զբաղեցնելով աշխարհն առաջնորդող պետութիւնների շարքում:

«Ասօր ՉԺՀ-ն ակտիւօրէն (աշխոյժօրէն-ԵՌԳ.) մասնակցում է համաշխարհային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան արդի զարգացումներին` մեծապէս նպաստելով գլոբալ (համաշխարհային-ԵՌԳ.) խաղաղութեան ու անվտանգութեան ապահովմանը: Մենք կարեւորում ենք նաեւ Չինաստանի շարունակական ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային գործընթացներին:

«Չինաստանը մեծ երկիր է, որն ուրիշ ժողովուրդների հետ իր յարաբերութիւնները միշտ զարգացրել է իրաւահաւասարութեան եւ փոխշահաւէտութեան սկզբունքների հիման վրայ: ՉԺՀ-ի հետ իրականացուող համագործակցութիւնը գրեթէ բոլոր բնագաւառներում թէ՛ ծաւալային եւ թէ՛ բովանդակային առումով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից է:

«Անցած տարիների ընթացքում մենք զգացել ենք ՉԺՀ կառավարութեան եւ ժողովրդի համակողմանի բարեկամական աջակցութիւնը. ձեր երկիրն օգնում էր մեզ յաղթահարել անցումային շրջանի սոցիալ-տնտեսական դժուարութիւնները, նպաստում մեր պետութեան զարգացմանը»,-ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ խօսած է Չինաստան իր պետական այցի ընթացքին ունեցած կառուցողական հանդիպումներու եւ քննարկումներու արդիւնքներուն մասին:

«Հայաստանը ողջունել է Չինաստանի նախագահ պարոն Սի Ծինփինի կողմից առաջ քաշուած Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտի ձեւաւորելու վերաբերեալ գաղափարը: Դեռեւս Հին Մետաքսի ճանապարհի ժամանակներում հայկական արտադրանքն ու ապրանքները յայտնի էին չինական շուկաներում, իսկ հայ առեւտրականների նաւերը հասնում էին Ասիայի արեւելեան նաւահանգիստներ, մասնաւորապէս Հոնկքոնկ: Յուսով եմ, որ մեր օրերի Մետաքսի ճանապարհի հայաստանեան հատուածով անցնող հարաւային երկաթուղու կառուցման ծրագիրը կը լինի մէկն այն նախագծերից, որ կոչուած են նպաստելու նշեալ տնտեսական գաղափարի իրականացմանը:

«Այս առումով Հայաստանն ակնկալում է չինական ընկերութիւնների ակտիւ մասնակցութիւնը Հայաստան-Իրան երկաթուղու կառուցման գործում: Այն կ’ապահովի տարածաշրջանի համաչափ զարգացումը, ինչը լիովին համահունչ է Չինաստանի «Խաղաղութիւն յանուն զարգացման» կարգախօսին: Միեւնոյն ժամանակ այն կ’ապահովի չինական կողմի գործուն ներկայութիւնը հարաւկովկասեան տարածաշրջանում, ինչպէս նաեւ զարկ կը տայ Հայաստան-չինաստան երկկողմ յարաբերութիւններին:

«Մեր երկու պետութիւնները մտադիր են նաեւ ընդլայնել կապերը մեր ժողովուրդների միջեւ, մասնաւորապէս` յատուկ ուշադրութիւն դարձնել զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացմանը, ինչը թոյլ կը տայ մեզ աւելի լաւ եւ մօտիկից ճանաչել իրար: Դրան միտուած կը լինի Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ ուղղակի աւիահաղորդակցութեան հաստատումը, որի հարցով պէտք է զբաղուեն մեր երկրների համապատասխան գերատեսչութիւններն ու ձեռնարկութիւնները»,-ըսած է Հայաստանի նախագահը:

Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է փոխադարձ վստահութեան եւ շահերու, ինչպէս նաեւ համատեղ պատասխանատուութեան ու պարտաւորութիւններու հիման վրայ կառուցուող Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, որ ուղղուած է տարածաշրջանին մէջ քաղաքական կայունութեան, անվտանգութեան, համերաշխութեան եւ տնտեսական զարգացման միջավայրի ստեղծման: Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստան բաց է բոլոր երկիրներու հետ նման գործելաոճով յարաբերութիւններ կառուցելու եւ ամրապնդելու համար:

Նախագահը խօսած է նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներու, ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, 2015-ին նշուող Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհուրդին եւ տարելիցի առիթով նախատեսուած ձեռնարկներուն մասին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Փեքինէն մեկնած է Սանեայ` մասնակցելու Պոաոյի տարեկան համաժողովին, ուր եւս Հայաստանի նախագահը ելոյթ պիտի ունենայ: