Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թուրքիոյ խորհրդարանի Տիգրանակերտէն ընտրուած պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ ան խորհրդարանին կոչ ըրած է՝ հետաքննելու 6-7 Սեպտեմբեր 1955ին, փոքրամասնութեան դէմ կատարուած կոտորածները։

«64 տարի անցած է այն դէպքերէն, երբ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները ապրեցան իրենց փլուզումին պատճառ դարձած պատահար մը: Հակառակ այս իրականութեան, Ազգային մեծ ժողովը ցարդ ոչինչ կատարած է ի յայտ բերելու համար այս դէպքերուն պատասխանատուները: Հետեւաբար, ըստ Սահմանադրութեան 98րդ եւ ներքին կանոնադրութեան 104րդ եւ 105րդ յօդուածներուն՝ 6-7 Սեպտեմբեր 1955ին պատահած սպանդը կազմակերպած եւ ծրագրած պետական պաշտօնեայ եւ պարզ քաղաքացի հանդիսացող պատասխանատուները ի յայտ բերելու, մարդկային ու նիւթական կորուստներրը ճշդելու, տուժող անձերուն ու կազմակերպութիւններուն նիւթական եւ բարոյական վնասները հատուցելու եւ այսպիսով անցեալին հետ առերեսում մը ապահովելու, ուշացած իսկ ըլլայ, արդարութիւնը վերահաստատելու համար կ՛առաջարկենք խորհրդարանական հետաքննութեան մը իրականացումը», կը գրէ Փայլան:

Նշենք, որ Սեպտեմբեր 1955ի սպանդը հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան ամենասարսափելի իրադարձութիւններէն մէկն է, որուն հետ տակաւին առերեսում չէ կատարուած: Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ միայն Պոլսոյ մէջ 73 եկեղեցիներ, երկու վանքեր, 5538 բնակարաններ եւ գործատեղիներ քանդուած, հրդեհուած եւ թալանուած են: Դարձեալ ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ 60 կիներ բռնաբարուած են եւ բազմաթիւ մարդիկ սպաննուած:

Տասնեակ հազարաւոր յոյն, հայ, հրեայ եւ ասորի քաղաքացիներ ստիպուած հեռացան երկիրէն, տեղի տալով ճնշումներուն եւ իրենց կեանքին դէմ կատարուած սպառնալիքներուն:

«Պատասխանատուները ո՛չ թէ պատժելու, այլ պարգեւատրելու մտայնութիւնը երբեք չէ փոխուած: 2007ին սպաննուած «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ոճրագործութեան մասնակցած պաշտօնեաները ստացան պաշտօնի բարձրացում եւ պարուրուեցան անպատժելիութեան վահանով, ինչ որ լաւագոյն օրինակն է յիշեալ շարունակականութեան», կ՛աւելցնէ Փայլան: