Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ընդունած են հանդիպելու վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին նշած են ՄԽ համանախագահները տարածաշրջան այցի արդիւնքներով Մարտ 1-ին հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները (Իկոր Փոթով` Ռուսիա, Ստեփան Ուսքոնթի` Ֆրանսա, Էնտրիւ Շոֆըր` ԱՄՆ) Փետրուար 20-ին Երեւանի մէջ հանդիպած են Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Փետրուար 21-ին Պաքուի մէջ` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` քննարկելու մօտ ապագային առաջնորդներուն հանդիպում նախապատրաստելու հարցերը` ներառեալ քննարկումներու հնարաւոր նիւթերը: Համանախագահները նաեւ քննարկումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Համանախագահներուն միացած էր նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ:

Տարածաշրջանի մէջ հանդիպումներու ընթացքին առաջնորդները համանախագահներուն տեղեկացուցած են Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս Յունուարին Տաւոսի մէջ տեղի ունեցած վերջին երկխօսութեան մասին: Երկիրներուն ղեկավարները ու համանախագահները քննարկած են ներկայ իրադրութիւնը եւ յետագայ քայլերու ակնկալիքները:

Համանախագահները դրական գնահատած են սահմանագիծին վրայ զոհերու թիւի շարունակական նուազումը: Անոնք նաեւ ողջունած են տարածաշրջանին մէջ հասարակութիւններուն խաղաղութեան նախապատրաստելու վերաբերեալ քննարկումներու աշխուժացումը:

Ղեկավարները ընդունած են մօտ ապագային հանդիպելու վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն առաջարկը:

Համանախագահները ու գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը տարածաշրջանային իրենց այցէն ետք մեկնած են Վիեննա եւ Պրատիսլաւա, ուր, համապատասխանաբար, Փետրուար 28-ին եւ Մարտ 1-ին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երկիրներու մշտական ներկայացուցիչներուն, ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրին եւ կառոյցի գործող նախագահ Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքին ներկայացուցած են հանդիպումներուն արդիւնքները»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: