Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ պարզեց Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի (Լաջին) միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ իրավիճակի յաղթահարման համար կատարուող աշխատանքները։ Նախագահը  նաեւ մեծ ցաւով ու ափսոսանքով անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին եւ արցախահայութեան զօրակցութիւնը  յայտնեց աղետէն տուժած հայ ընտանիքներուն:

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր աջակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ ընդգծեց, որ ամէնօրեայ աղօթքներու կողքին, Կաթողիկոսարանը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել արցախահայութեան սատար կանգնելու համար: Վերջապէս, Հայրապետը վստահեցուց, որ միայն անկոտրում կամքով եւ կուռ միասնութեամբ կարելի կ՚ըլլայ յաղթահարել մարտահրաւէրները եւ կանխել աղէտը։