Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ մէջ հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնող ու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումով զբաղող կազմակերպութիւններու համացանցային աղբիւրներու ցանկԸ աւելցած է:

Վկայակոչելով İHA-Ը՝ Ermenihaber.am-Ը կԸ հաղորդէ, թէ թրքական ASİMED («Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն») կոչուող միութիւնԸ յայտարարած է նոր կայքի գործարկման մասին: Ըստ յայտարարութեան՝ կայքԸ պէտք է ամենօրեայ եղանակով մշտադիտարկում իրականացնէ միջազգային մամուլի մէջ: Պէտք է յայտնաբերէ «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթեր եւ հակաթրքական բնոյթի հրապարակումներ», այնուհետեւ զանոնք հաւաքէ իր տուեալներուն մէջ, Թուրքիոյ պաշտօնական թեզերուն համահունչ պատասխաններ պատրաստէ ու հրապարակէ 7 լեզուով:

Tarihigercekler.net անուանումով կայքԸ հրապարակումներ պիտի ունենայ թրքերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, արաբերէն ու պարսկերէն լեզուներով:

ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիոյ, Հոլանտայի ու Պելճիքայի մէջ գործող թրքական լոպպիստական կազմակերպութիւններու հետ կապ հաստատած կայքԸ նպատակ ունի նաեւ պարարտ հող ստեղծելու նշեալ լոպպիստական կառոյցներու հզօրացման համար:

Բացայայտ ռասիստական գործունէութիւն ծաւալող այս կազմակերպութիւնԸ իր նորաբաց կայքով կԸ տարածէ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն սերմանող տեղեկութիւններ:

Հակահայկական կազմակերպութեան ղեկավար Սաւաշ ԷղիլմեզԸ նշած է, որ կարճ ժամանակ առաջ գործարկուած կայքԸ արդէն ամսական ունի 30 հազարէն աւելի այցելու, որոնց 70 տոկոսԸ արտերկրէն: