Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Հայոց լեզուն շարքին է եզակի յատկութիւններ ունեցող այն հինգ լեզուներուն, որոնք հետաքրքրական են ուսումնասիրութեանց համար, կը հաղորդէ «Տէյլի Քոլըրզ»ը, որ կազմած է եզակի լեզուներու ցուցակ մը:

«Հայերէնը Հայաստանի պետական լեզուն է, որ բազմաթիւ բացառիկ յատկանիշներ ունի եւ որ կրնայ բարդ թուալ անգլիախօս ուսումնասիրողներու համար, սակայն հետաքրքրական՝ ուսուցանելու համար», կը գրէ թերթը:

Կը նշուի, որ հայոց այբուբենը 39 տառ ունի եւ թէ անիկա ստեղծուած է 405 թուականին՝ թարգմանելու համար Ս. Գիրքն ու Նոր Կտակարանը:

Հետաքրքրական համարուած են նաեւ լեհերէնը, ռուսերէնը, հունգարերէնը եւ ռումաներէնը:  Թերթը կը նշէ, թէ հայերէնը անդամ է հնդեւրոպական լեզուներու ընտանիքին, սակայն անիկա առանձին ճիւղ կը կազմէ: